You are here: الصفحة الرئيسية » Մամլոյ յայտարարութիւն Քամիշլիի ահաբեկչական Պայթումին վերբաերեալ
2014/03/13 |
M-NCB |

”Տահէշ”-ի կազմակերպութիւնը ահաբեկչական նոր կոտորած մը գործեց، որը կ՛աւելնայ իր գործած կոտորածներուն շարքին Սուրիացիներուն հանդէպ، ուր անոնցմէ ահաբեկչական խմբակ մը թիրախ ընտրած է քաղաքապետարանի շէնքը Քամիշլիի կեդրոնը، որ կը համարուի քաղաքացիներուն ծառայութեան կեդրոն: Այս պայթումին հետեւանքով զոհ գացին ութը Քիւրտ Սուրիացիներ، որոնցմէ չորսը կիներ էին، ինչպէս նաև բազմաթիւ վիրաւորներ: Մենք، Ազգային Համակարգող Մարմնի մէջ կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնները նահատակներուն ընտանիքներուն և կը դատապարտենք ամէնաուժեղ առումով ”Տահէշ” ահաբեկչական կազմակերպութիւնը، և իր կատարած բռնաբարութիւնները Սուրիացի քաղաքացիներուն، և կը պահանջենք Սուրիոյ հասարակութեան բոլոր հատուածները، որպէսզի համերաշխին، միաւորուին և կանգնին մէկ շարք ի դէմ ”Տահէշ”-ի և այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:
Ողորմութիւն նահատակներուն
Ազգային Համակարգող Մարմնի տեղեկատուական գրասենեակ
12/03/2014
التصنيفات : اللغة الأرمنية
اترك تعليقا بدون أية روابط